2008-11-22 13:51:29

Ծիսական ժամանակացոյցը Շաբաթ` նոյեմբեր 22 տօն Սուրբ Գրիգոր Սքանչելագործին եւ Միռոն եպիսկոպոսի։


Սուրբ Գրիգոր Սքանչելագործ – Մեծահռչակ սուրբ մըն է։ Յոյժ մեծարուած թէ Արեւելքի եւ թէ Արեւմուտքի մէջ։ Ծնած է Պոնտոս քաղաքը, 240 թուականին։ Եպիսկոպոս օծուած է Նեոկեսարիոյ քաղաքին։ Իր ջանքերուն շնորհիւ շուտով տարածուեցաւ քրիստոնէութիւնը։ Սքանչելագործ կոչուած է իր կատարած բազմաթիւ հրաշքներուն համար։ Մասնակցած է Անտիոքի տեղական ժողովին ընդդէմ Պօղոս Սամոստացիին։ 30 տարիներու եպիսկոպոսական գործունէութենէ վերջ վախճանած է 270-ին Նէոկեսարիոյ մէջ։

Միւռոն եպիսկոպոս – Ծնած է Կրէտէ կղզիի Ռաւիկա քաղաքը , երրորդ դարու կէսերուն։Պատուական եւ մեծահարուստ քրիստոնիայի զաւակ։ Առատաձեռն էր եւ բարեգործ։ Կը պատմուի իր մասին, որ անգամ մը իր սիսեռի արտը գողեր մտան, սակայն փուշերու մէջ ինկան եւ չկրցան ելլել։ Առաւօտուն ինք եկաւ, ազատեց զանոնք եւ սիսեռով բեռնաւորուած տուն ղրկեց գողերը, պատուիրելով որ այլեւս գողութիւն չընեն։ Իր քաղաքին եպիսկոպոսը եղաւ եւ սքանչելագործութեամբ հասաւ մինչեւ խորին ծերութիւն` հարիւր տարիքը եւ խաղաղութեամբ կնքեց իր բարեպաշտ կեանքը։

Հայրապետներու ժամամուտէն – Հայրապետական աթոռ պանծացուցիր երկրի վրայ, առաքելական պատիւ ստացար երկինքէն, ով երանելի սուրբ հայրապետ եւ Քրիստոսի ծառայ որովհետեւ վարդապետութեանդ սերմերը բարեպաշտութեան հասկեր աճեցուցին ուրախութեան պտուղներ բերելով եւ հաւատացեալներու փրկութիւն շնորհելով բարեխօսէ հետեւաբար Տիրոջ մօտ` մեր հոգիներուն փրկութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.